2014-06-30 13:54:34

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` հանդիպում Սպանիայի նորանշանակ Թագաւորին հետ։


Երկուշաբթի, 30 յունիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Եկեղեցական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ։
Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց` Կարտինալ Կէրարտ Լուտուիկ Միւլլէրը` Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ, գերապայծառ Ժան Փոլ Կոպելը` Եգիպտոսի հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակ, գերապայծառ Մարէք Զալեվսքին` Զիմպապուէի մօտ առաքելական նուիրակ ու անոր ընտանեկան պարագաները, գերապայծառ Հուպերթուս Մաթէուս Մարիա Վան Մէկէն` Սուտանի եւ Էրիթերիայի մօտ առաքելական նուիրակ, գերապայծառ Տանիէլ Ֆերնանտօ Սդուրլա Պէրուէթ` Մոնթեվիտէոյի Արքեպիսկոպոս։
Սրբազան Հայրը ապա հրաժեշտի այցլութեան առթիւ ընդունեց ` Պելկիոյ դեսպան Տիար Շարլ Կիզլէյնը, Փանամի դեսպան` Տիկ Տէլիա Քարտէնաս Քրիսթի եւ Քոսթա Ռիքայի դեսպան Տիար Ֆերնանտօ Ֆելիփը Սանչէս Քամբոսը, հուսկ ժամը 11.20ին, ընդունեց Առաքելական Ատեանի կառավարիչը` Կարտինալ Ռայմունտ Լէօ Պուրքը որմէ ետք` ունկնդրութիւն շնորհեց Սպանիյաի նորանշանակ Թագաւոր` Ֆելիփէ Զ-ին, Լեթիցիա Թագուհիին եւ անոնց ընկեարոցող թագաւորական շքախումբին։
Այս առթիւ` Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ թէ ''Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, թագաւորական ընտանիքը հանիպեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետքարտուղար` Կարտինալ Փարոլինին եւ արտգործ նախարարութեան ենթաքարտուղար` գերապայծառ Անթուան Քամիլլերիին հետ''։
Հանդիպումները անցան մտերիմ եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որոնց ընթացքին ուրախութիւն յայտնուեցաւ Թագաւորին` գահակալութենէն ի վեր, երկրէն դուրս կատարած առաջին այս այցելութեան համար ու յոյս յայտնուեցաւ որ Սուրբ Աթոռի եւ Սպանիայի միջեւ գոյատեւող յարաբերութիւնները ամրապնդուին։ Այս առընչութեամբ խօսակցութեան նիւթ եղան Եկեղեցի – Պետութիւն երկխօսութեան ու համագործակցութեան կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային ու շրջանային հարցերու շուրջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.